ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ հայոց հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապը։ Արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերուն եւ խումբ մը դպիրներու կողմէ՝ Մուրատ Իչլինալչայի գլխաւորութեամբ։ Արարողութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։

Յաւարտ արարողութեան սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին նշուեցան Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի տարեդարձն ու Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի անուանակոչութեան օրը։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, որոնք սիրոյ սեղանի ընթացքին անմիջական զրոյց ունեցան իրարու հետ։

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018