ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին առ­թիւ ե­րէկ շնոր­հա­ւո­րա­կան ջերմ հան­դի­պում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, այս տա­րի Ս. Զատ­կի օ­րուան զու­գա­դի­պե­ցաւ Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­րա­քուէն։ Այս պատ­ճա­ռով տօ­նա­կան օ­րուան հա­մայն­քա­յին ա­ւան­դա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը տե­ղի չու­նե­ցաւ ա­կա­մայ։ Ինչ­պէս Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ հա­ղոր­դուած էր նա­խա­պէս, Գում­գա­բուի մէջ ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներն ու քա­ղա­քիս հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րու տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք փո­խան­ցե­ցին ի­րենց շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հիւ­րըն­կա­լեց պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­նե­րը՝ իր կող­քին ու­նե­նա­լով Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նը, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեա­նը եւ Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեա­նը։ Ներ­կայ էին նաեւ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քին, Ա­սո­րի հա­մայն­քի Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Մետ­րա­պո­լիտ Եու­սուֆ Չե­թի­նին, Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նին եւ այլ յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ջերմ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պետ Ահ­մէտ Միս­պահ Տե­միր­ճա­նի, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նի­ւի, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տա­րի, Կղզեաց քա­ղա­քա­պետ Ա­թիլ­լա Այ­թա­չի եւ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէ­լի հետ։ Բո­լոր հիւ­րե­րը Ս. Զատ­կի առ­թիւ մեր հա­մայն­քին հա­մար փո­խան­ցե­ցին բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։

Միւս կող­մէ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս ա­ռա­ւօտ Ս. Զատ­կի առ­թիւ փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թեան մը փու­թաց Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րան, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիար­քին կող­մէ։

     

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017