ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը վերջերս հնգօրեայ ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Երուսաղէմ։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց դասու նախագահ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որու հետ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Շուրջ 40 հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը խումբը մեկնեցաւ Սուրբ Քաղաք, ուր կատարեց Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկի արարողութիւններուն երգեցողութիւնները՝ Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ։ Ծանօթ է, որ Հայց. Եկեղեցին Երուսաղէմի մէջ Ս. Զատիկը կը տօնէ՝ ըստ հին տոմարի։ Սահակեանցիները երգեցողութիւններ կատարեցին թէ՛ Սուրբ Յարութեան տաճարին եւ թէ Սրբոց Յակոբեանց հայոց պատրիարքանիստ մայր տաճարին մէջ։

Ուխտագնացութեան օրերուն երգչախումբի անդամները ընդունուեցան նաեւ Երուսաղէմի Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի կողմէ։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ նորին ամենապատուութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց սահակեանցիները, որոնց փոխանցեց իր գնահատանքն ու օրհնութիւնները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 19, 2018