«ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ»

Մեր համայնքի հեղինակաւոր ու համակրելի մեներգիչներէն Արթիւր Պաղտասարեան նախընթաց օր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահէն ներս։ Ան մասնակցութիւն բերաւ՝ «Ժամանակներու մէջ երաժշտութեամբ ուղեւորութիւն» կարգախօսով կազմակերպուած ծրագրի մը։ Պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեանի առընթեր, այս ձեռնարկի յայտագրին մասնակցեցան սոփրանօ Շէնիզ Էրտինչ եւ դաշնակահարուհի Պուրճու Էրսին։

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան մշակոյթի բաժանմունքին եւ CRR-ի ղեկավարութեան կողմէ վերջին շրջանին կը կազմակերպուի յիշեալ կարգախօսով համերգաշար մը։ «Ժամը 5-ի թէյի համերգներ» կը կոչուին այս ձեռնարկները, որոնք կը համախմբեն բազում երաժշտասէրներ։

Համերգաշարի հերթական փուլին Արթիւր Պաղտասարեան, Շէնիզ Էրտինչ եւ Պուրճու Էրսին արժանացան գեղարուեստասէրներու ջերմ ծափահարութիւններուն։

Լուսանկարին մէջ երեք արուեստագէտները կ՚երեւին համերգի աւարտին՝ ունկնդիրները ողջունելու ժամանակ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024