ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱԼԸՔԼԸԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ այ­ցե­լե­ցին Պա­լըք­լըի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­տու­նը, հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի հսկո­ղու­թեամբ։ Տղա­քը ա­ղօ­թե­ցին գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Սար­գիս մատ­րան մէջ եւ շրջայց մը կա­տա­րե­լով հա­ղորդ դար­ձան գե­րեզ­մա­նա­տան պատ­մու­թեան։ Ա­նոնք ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցին ընդ­հա­նուր նա­հա­տա­կաց յու­շար­ձա­նին մօտ եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին մեր այն մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կը ննջեն այս գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Է­սաեան­ցի­նե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ հան­գու­ցեալ Հրանդ Տին­քի շի­րի­մը, ուր բե­րին ի­րենց խո­նար­հու­մը ա­նոր բա­րի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017