«ՀԱՅՃԱՐ»Ի ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան («Հայճար») վարչութենէն ատենապետ Կիւլիւզար Արթուչը, որուն կ՚ընկերանային Գէորգ Էօզգարակէօզ, Եսթէր Հապէշ, Սէրտա Պիրկիւլ եւ Պուրակ Քավաֆեան։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Այցելուները յայտնեցին, որ վարչութեան նորընտիր անդամներու ներկայացուցիչներ փափաքած էին ներկայանալ Նորին Ամենապատուութեան։ Քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ վարչութեան նորընտիր անդամները իրենք զիրենք ծանօթացնելու եւ իրենց ու միութեան ծրագիրները ներկայացնելու առիթը ունեցան։ Զրոյցի ընթացքին գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան Պատրիարքական Աթոռոյ եւ «Հայճար»ի փոխյարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան մասին։ Իսկ միւս կողմէ, վարչութեան անդամները յայտնեցին, թէ «Հայճար»ը, որպէս հասարակական կազմակերպութիւն՝ սիրողական ծառայութիւն կը մատուցանէ։

Պատրիարք Հայրը գնահատեց միութեան աշխատութիւնները եւ յայտնեց, թէ միութեան անդամներ սիրողական ծառայութիւն մատուցանելով հանդերձ, իրենց արհեստագիտութիւնը վարպետօրէն կը ներդնեն իւրաքանչիւր աշխատութեան։ Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առիթով յիշեցուց, թէ աշխատութեանց ընթացքին փոթորիկներ կրնան ըլլալ եւ աշխատողներ դժուարութեանց հետ դէմ յանդիման կրնան մնալ, սակայն նպատակասլաց աշխատութիւններ միշտ յաջողութեամբ կը պսակուին։ Ուրախացուցիչ երեւոյթ էր թէ «Հայճար»ի պարագային տեսանելի էր նման մերձեցումը։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ հիմնարկի օժանդակութեամբ վերջերս լոյս տեսած «Balyanlar - Osmanlı Mimarlığı ve Balyan Arşivi» հատորին, որուն առաջին օրինակներէն մէկը նուիրուած էր նաեւ մեր Հոգեւոր Պետին։ Նման գիրքի մը պատրաստութիւնը ընդարձակ տարածութիւն գտնել սկսած էր Պալեան ընտանիքով, ճարտարապետութեամբ եւ պատմութեամբ հետաքրքիր շրջանակներէ ներս ու այս մէկը ուրախացուցիչ երեւոյթ կը համարուէր։

Պատրիարք Հայրը իր խօսքերու աւարտին յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն ու անոնց մաղթեց նորանոր նուաճումներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021