ՀԵՔԻԱԹԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԼՐՈՒՄ
Կը տեղեկանանք, որ «Փոքրիկ» մանկապատանեկան կայքէջին կողմէ կազմակերպուած հեքիաթահաւաքը արդէն հասած է իր աւարտին։ Այսպէսով «Փոքրիկ»ի հեքիաթարանին մէջ կատարուած է համալրում։ Հեքիաթահաւաքին 6 երկրէ 39 գրող մասնակցութիւն բերած է՝ 50 հեքիաթով։ Բոլորն ալ ունին հաճելի նիւթեր եւ անոնց զանազանութիւնը պայծառ լուսապատկեր մը կը ստեղծէ։
Հեքիաթահաւաքի մասնակիցներուն կէսը Պոլիսէն է։ Մնացեալ հեղինակները արտադրանքին մասնակցած են Հայաստանէն, Լիբանանէն, Յունաստանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ այլն։ Գրեթէ հաւասար թիւով մասնակցած են պատանիներ եւ չափահասներ։ Այս հանգամանքի լոյսին տակ մասնակիցներն ալ դասաւորուեցան երկու խումբի մէջ՝ «պատանի գրիչներ» եւ «չափահաս գրիչներ»։
Հեքիաթաքաղերը, այսինքն հեքիաթահաւաքի աշխատակազմը, դասաւորած են յաջողագոյնները եւ յառաջիկայ ամիսներուն մրցանակի արժանի դասուած հեքիաթները պիտի հրապարակուին «Փոքրիկ»ի կայքէջին վրայ։ «Փոքրիկ» հեքիաթարանը, որ 2014 թուականին Պոլսոյ մէջ ստեղծուած է, ցայսօր աւելի քան 150 հեքիաթ հրապարակած է՝ արեւմտահայերէնով։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024