Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՔԱՂԱՔՍ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ մեկ­նած էր Հա­յաս­տան, ար­դէն վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան օ­րե­րուն ան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ներ­կա­յա­ցած է նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին։ 
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան մի­ջոց մը ա­ռաջ թեր­թիս տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ անդ­րա­դար­ձած էր Ամենայն Հայոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան դէ­պի Վան այ­ցե­լու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան։ Ան յայտ­նած էր, որ ա­մէն ինչ վերջ­նա­կա­նօ­րէն յայտ­նի պի­տի դառ­նայ Մա­յի­սին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեա­նէն հե­տաքրք­րուե­ցանք, թէ ար­դեօք յստա­կե­ցա՞ծ է ա­մէն ինչ։ Ի պա­տաս­խան Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յայտ­նեց, թէ այդ­պի­սի այ­ցե­լու­թիւն մը տե­ղի պի­տի չու­նե­նայ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015