ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԵՒ ԵՂԱՆԱԿԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՓԱԿՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ եզրափակուեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ նախկին գահակալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի ի յիշատակ կազմակերպուած մարզական փառատօնը, որ վերջին օրերուն մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու օրհնութեամբ կեանքի կոչուած էր այս ծրագիրը, եղաւ նաեւ եզրափակիչ երեկոյթի պատուոյ հիւրը։ Իր կողքին էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս մարզական փառատօնը, որու աւարտին զանազան մրցաշարքերու մէջ դափնեկիր դարձած խումբերը կամ մարզիկները ստացան մրցանակներ։ Ձեռնարկը, միեւնոյն ժամանակ, Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական փակման երեւոյթը ունէր։

Փակման խօսքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ յորդորեց, որպէսզի բոլորը այժմէն պատրաստուին՝ յաջորդ տարի աւելի լաւ շրջան մը կազմակերպելու համար։

Երգերով եւ պարերով պայմանաւորուած բարձր տրամադրութեան մթնոլորտով բոլորը հրաժեշտ առին Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրէն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022