ՋԵՐՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Պապատաղի գաւառապետ Պերք Աճառին։ Ինչպէս ծանօթ է, Պերք Աճառ մեր համայնքի անդամներէն է եւ նախընթաց օր պաշտօնապէս Տենիզլիի Պապատաղ գաւառակի գաւառապետի պաշտօնին կոչուած էր։ Այս իրադարձութիւնը թէ՛ լայն արձագանգ ստեղծած էր հանրային կարծիքին մօտ եւ թէ՛ ընդհանրապէս ողջունուած՝ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորականին մէջ նշած է, որ Պերք Աճառ եղած է արժանաւոր մը, ինչ որ գնահատուած է պետութեան կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նշանակման կապակցութեամբ յաջողութիւններ մաղթեց նոր գաւառապետին ու վստահութիւն յայտնեց, թէ ան իր պաշարով օգտակար պիտի հանդիսանայ Պապատաղի բնակիչներուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022