ԱՐԹԻՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԵՒ ԷՏՎԻՆ ԿԱԼԻՊՕՂԼՈՒ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ վերջերս տեղի ունեցաւ պոլսահայ երկու արուեստագէտներու՝ Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի համերգը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին շրջագծով տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին։ Թենոր Արթիւր Պաղտասարեան մեկնաբանեց հայ դասական հեղինակներէ զանազան գործեր, երգեհոնի նուագակցութեամբ Էտվին Կալիպօղլուի։
Ձեռնարկէն վերջ երաժշտասէրներուն Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի պատգամը փոխանցեց իր մամլոյ քարտուղարը՝ Սէյրանուհի Գեղամեան։ Նախարարութեան կողմէ յուշանուէրներ ալ յանձնուեցան արուեստագէտներուն։