ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2018-2019 տարեշրջանի վերամուտը ստեղծեց տօնական մթնոլորտ։ Ներկայ էին Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, ծնողներ եւ հիւրեր։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Եկուարդ Հարբութ։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանն ալ արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։

Առաջին զանգի հնչումով տղաքը վերադարձան իրենց դասարանները ու լծուեցան աշխատանքի։

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզը այս տարի ունի 28 աշակերտ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018