Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ այցելեցին Պատրիարքարան՝ ստանալու համար Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնները։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան մասին։ Ան յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցաշէն գործունէութեանց համար եւ օրհնեց թաղականներուն աշխատանքը։
Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ նոյեմբերի 10-ին։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024