ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՈՎ ՄԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑԻՆ ՕՆՆԻԿ ՖԸՉԸՃԵԱՆԸ

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ յետմիջօրէին գրական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ Օննիկ Ֆըչըճեանի։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ համախմբեց կոկիկ թիւով գրասէրներ։ Ձեռնարկը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ համայնքային վարիչներ, հասարակական գործիչներ, մշակութասէր ազգայիններ, կրթական մշակներ, վարժարաններու պատասխանատուներ եւ գրասէր հիւրեր։

Գումգաբուի ընտանիքը զգացական մասնաւոր կապ մը ունի Օննիկ Ֆըչըճեանի հետ, քանի որ յայտնի գրողը անցեալի մէջ եղած է Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէն։ Պէզճեանցիները անցեալ տարի ալ կազմակերպած էին նման ձեռնարկ մը եւ այս տարի ալ կրկնուեցաւ Օննիկ Ֆըչըճեանի ոգեկոչման ուղղեալ այդ ծրագիրը։

Երէկուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ժպիտ Պետիկի։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։ Դպրոցէն աշակերտներ ներկայացուցին Օննիկ Ֆըչըճեանի գործերէն նմոյշներ։ Տղաքը թատերակի մը ձեւաչափով ներկայացուցին նաեւ Ֆըչըճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ հեղինակի ինքնակենսագրութեան հիման վրայ։ Դպրոցի շրջանաւարտուհիներէն Տիանա Չիլինկիրեան հանդէս եկաւ մենապարով մը։ Նորին Շարա Արսլանն ալ կատարեց դաշնակի նուագներ։ Հանդիսութեան տեւողութեան ընթերցուեցան Օննիկ Ֆըչըճեանի ժամանակակից գրչեղբայրներուն կողմէ սրտի խօսքեր։ Մայր վարժարանի սաներէն Սաթենիկ Պաշաք եւ Աբրահամ Աքպըյըք փոխանցեցին իրենց աշակերտական շրջանի վերաբերեալ յուշեր։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018