ՈՉ ԵՒՍ Է ԹԱԳՈՒՀԻ ՎՈԼՔԱՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է երէց սերունդէ երախտաշատ կրթական մշակներէն Թագուհի Վոլքան-Աբրահամեան։ Յառաջացած տարիքի մէջ ան հրաժեշտ կ՚առնէ երկրաւոր կեանքէ՝ իր ետին թողլով բարի յիշատակ մը։ Տասնամեակներ շարունակ ան նուիրուած էր կրթութեան գործին եւ ընկերային կեանքէ ներս կը վայելէր յարգանք ու համակրանք։ Թագուհի Վոլքան-Աբրահամեան վերջին շրջանին դարմանում կը տեսնէր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Թէեւ իրեն համար որեւէ բժշկական խնամք չէր խնայուած, սակայն ան յառաջացած տարիքի մէջ աչքերը կեանքին փակեց Գթութեան յարկի երդիքին տակ՝ խոր ցաւ պատճառելով պոլսահայ կրթական շրջանակներուն։

Թագուհի Վոլքան-Աբրահամեան ծնած էր 1927 թուականին։ Բաղիշեցի ընտանիքի մը դուստրն էր, որու մանկութիւնն ու ամբողջ կեանքը ուղղակիօրէն առընչուած էր Ռումելիհիսարի եւ Վոսփորի ափի այդ պատմական թաղի ապրումներուն հետ։ Կրթական ասպարէզի նուիրուելէ վերջ, բացի Պալաթու երբեմնի Խորէնեան վարժարանէն, ուսուցչագործած էր Էսաեան վարժարանի եւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի մէջ։ Հանգստեան կոչուելէ վերջ ալ շարունակած էր իր փորձառութիւնն ու պաշարը ի գործ դնել մեր կրթական կեանքին համար ու միշտ օրինակ ծառայած էր երիտասարդ կրթական մշակներուն։ Մեր ընկերամշակութային ձեռնարկներէն չբացակայող անուն մը եղած էր երկար ժամանակ։

Թագուհի Վոլքան-Աբրահամեան ամուսնացած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երբեմնի անմոռանալի աշխատակիցներէն Արա Աբրահամեանի հետ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Թագուհի Վոլքան-Աբրահամեանի հոգւոյն ու վշտակցութիւն կը յայտնենք իր սիրելիներուն եւ սաներուն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019