ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԳՈՂԹԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Ինչպէս ծանօթ է, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբը մեր համայնքէն ներս բացառիկ նշանակութիւն ունի իր նմաններու շարքին։ Որպէս իրաւաբանական անձ, ան պաշտօնապէս կը ճանաչցուի Գումգաբուի Տիրացուներու վաքըֆ։ Ուստի, անոր վարչութիւնը կը ձեւաւորուի համայնքային ընտրութիւններով։

Ընտրութեան ընդառաջ, վաքըֆի վարչութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու առաջադրուած մեր ազգայինները Պատրիարքարան այցելեցին՝ ստանալու համար Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։ Ըստ աւանդութեան, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի նախագահն է՝ Պատրիարքական Աթոռի օրուան գահակալը։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին ողջունեց թեկնածուներու ծառայութեան պատրաստակամութիւնը եւ անոնց հետ զրուցեց Գողթանի այժմու վիճակին եւ հեռանկարներուն շուրջ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բոլորին տուաւ իր օրհնութիւնները եւ յառաջիկայ շրջանին համար մաղթեց յաջողութիւններ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2022