ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ՝ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Մինչ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ այս շաբաթավերջին նախատեսուած տարեկան հանգանակութեան, այս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերներէն Գարէն Թէրզեանը, Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Քորայ Աշճըն։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ թաղականները փափաքած էին խմբագրատունս այցելել՝ լուսաբանելու համար հանրային կարծիքը։ Անոնք յայտնեցին, որ Ֆէրիգիւղի այս տարուան պիւտճէի բացը կը կազմէ 21 միլիոն 200 հազար թրքական լիրա։ Ընդհանուր պիւտճէն 32 միլիոն թրքական լիրա է։ Այս գումարի 27 միլիոն լիրան արդէն դպրոցի պիւտճէն է։ Մէրամէթճեան վարժարանի իւրաքանչիւր աշակերտին համար կը ծախսուի 207 հազար լիրա։

Թաղականները նշեցին, որ պիւտճէի ծախսերուն 80 տոկոսը կը կազմեն ամսաթոշակները, ապահովագրական ծախսերն ու տուրքերը։ Այսինքն, խորքին մէջ, սա միայն վերապրելու հետամուտ պիւտճէ մըն է, որովհետեւ ապագայի պատրաստութեան կամ որեւէ ներդրումի համար միջոց գոյութիւն չունի։ Թէ՛ աշակերտներու եւ թէ կրթական մշակներու յառաջդիմութեան համար թէեւ թաղային խորհուրդը զգայնութիւն կը ցուցաբերէ, սակայն, գործնականօրէն միջոցները այնքան սահմանափակ են, որ գրեթէ ոչինչ կարելի է ընել։

Զրոյցի ընթացքին թաղականները շեշտեցին, որ համայնքային կրթական հաստատութիւններու ցանցին մէջ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը կ՚առանձնանայ ամրութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, սա միակ դպրոցն է, որու շէնքը իսկապէս ամրակայուած է եւ բոլոր չափանիշներով հաւանական երկրաշարժի մը պարագային պիտի ունենայ բարձր դիմադրունակութիւն։

Թաղականները յոյս յայտնեցին, թէ պիւտճէի բացը հաւասարակշռել հնարաւոր պիտի ըլլայ՝ մանաւանդ նոյն շրջանի ունեւոր հաստատութիւններու զօրակցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդն ու Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնեն եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կը ձգտի անոնց հետ ներդաշնակութեամբ ընթանալու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2024