ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ե­րէկ ժա­մադ­րուած էին Ե­շիլ­գիւ­ղի մէջ։ 2016 թուա­կա­նի վեր­ջին սի­րոյ սե­ղա­նը սար­քուե­ցաւ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նին ի նպաստ։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին մեր այս վար­ժա­րա­նը հեր­թա­կան ան­գամ։ Թէեւ Ե­շիլ­գիւ­ղի պա­րա­գա­յին ալ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ յայ­տա­րա­րուած պիւտ­ճէի բա­ցը ամ­բող­ջու­թեամբ չհա­ւա­սա­րակշ­ռուե­ցաւ, սա­կայն ներ­կայ բարդ շրջա­նի պայ­ման­նե­րով գո­նէ գո­յա­ցաւ թթխմոր մը՝ դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­մուր հու­նի մը մէջ պա­հե­լու հա­մար։

Ե­շիլգ­իւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէ­կուան կրօ­նա­կան եւ ա­շխար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեան, Պերճ Սրկ. Ե­րա­մեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Սա­հակ-Մես­րոպ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ ու եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­րա­պեա­նի։ Ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տը դրաւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան վրայ եւ յայտ­նեց, թէ հա­ւա­քա­կան կեան­քէ ներս պէտք է գիտ­նալ գնա­հա­տել։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ վեր­ջին ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած զի­նուոր­նե­րուն, ա­ղօ­թեց ա­նոնց հա­մար եւ շեշ­տեց, որ որ­պէս մեր երկ­րի լիար­ժէք քա­ղա­քա­ցի­նե­րը՝ թրքա­հա­յերն ալ կը սգան ա­նոնց կո­րուս­տը։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ վար­ժա­րա­նի ճա­շա­րա­նին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը, ո­րու կող­քին էին Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։ Ներ­կայ էին Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու, նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Ա­թէշ Իւ­նալ Էր­զէն եւ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Բաց աս­տի, սի­րոյ սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուած էին բա­րե­րար­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Տի­կ­­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ յար­դա­րուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ բո­լոր ներ­կա­նե­րը շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Ա­նի Քա­լայ­լըի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Ե­շիլ­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ կա­լուած­նե­րուն շուրջ։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն Ե­շիլ­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը վե­րա­ձեռք­բե­րած է կարգ մը կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ Այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ հիմ­նա­կան աշ­խա­տան­քը կը տա­րուի նախ­կին շու­կա­յի տա­րած­քին հա­մար։ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու յայտ­նեց, որ օ­րի­նա­կան գետ­նի վրայ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը յա­մառ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ այս գետ­նին վրայ յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Յայ­տագ­րի գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն Սա­րին Ի­նա­նըր, Ա­րի­նա Շալք, Ե­րազ Պը­չաք­ճը եւ Ար­տէն Զէյ­ֆիեան։ Տղա­քը պա­րեր ներ­կա­յա­ցու­ցին, Թա­մար Քէ­շի­շեա­նի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Մե­ներգ­նե­րով հան­դէս ե­կան Թա­թիա­նա Պոս­տան եւ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան, ո­րոնց նուա­գակ­ցե­ցաւ վար­ժա­րա­նի նո­րան­շա­նակ տնօ­րէ­նը՝ Մե­լիք­ճան Զա­ման։ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ ա­շա­կեր­տնե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ խմբերգ­ներ։

Հուսկ բան­քը ար­տա­սա­նեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ ընդգ­ծեց, թէ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կը ջա­նան ի­րենց կա­րե­լին ը­նել հա­մայն­քի հա­մեստ խա­ւե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար ու մեր ժո­ղո­վուրդն ալ հնա­րա­ւո­րու­թեան սահ­ման­նե­րու մէջ փո­խա­դար­ձա­բար պէտք է զօ­րակ­ցի մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ ան­տար­բե­րու­թիւն չդրսե­ւո­րէ ա­նոնց նկատ­մամբ։

Սի­րոյ սե­ղա­նը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով։

              

 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2016