ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գարակէօզեանի ընտանիքը Նոր տարին դիմաւորեց աւանդական բացօթեայ խրախճանքով մը, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ։ Իսկապէս շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս երեկոյթը, որուն մասնակցեցան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի վարիչները, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ մեր համայնքի բազմաթիւ անդամներ։ Նկատի ունենալով, որ դպրոցական հանդէսի մը ձեւաչափին մէջ չէր այս խրախճանքը, երեկոյեան ժամերուն հոծ բազմութիւն մը համախմբուեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ՝ ընդարձակ վրանին տակ։

«Սոլանում» խումբը հանդէս եկաւ երաժշտական կատարումներով, իսկ խրախճանքի փոքրիկ մասնակիցներուն համար զանազան անակնկալներ վերապահուած էին հտպիտներու կողմէ։

Բոլոր ներկաներուն հիւրասիրուեցան տօնական շրջանի յատուկ ուտեստներ եւ ըմպելիներ։

Հայկական աւանդական ժողովրդական պարերն ալ մաս կազմեցին յայտագրին, որու աւարտին բոլորը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023