ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԵԶԱԿԻ ՀԱՄԵՐԳ
2023 թուականի առաջին ամիսը մեր երաժշտասէրներուն համար վերապահած է մեծ անակնկալ մը, որ այժմէն արդէն խանդավառութեան առիթ դարձած է։ Այսպէս, ներկայ ամսուան երկրորդ կէսին Հարպիյէի CRR համերգասրահի երդիքին տակ նախատեսուած է մեծ համերգ մը, որ կազմակերպուած է Գալֆաեան Տան եւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ։ Այս երկու հաստատութիւններու համատեղ նախաձեռնութիւնն է այս ծրագիրը, որուն կ՚աջակցի նաեւ Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը։
Ըստ էութեան, կազմակերպուածը մեներգչուհի Սիպիլի համերգն է, սակայն, գործնականին մէջ սա արուեստագէտներու տողանցք մը պիտի ըլլայ։ Սիպիլի քնքոյշ ձայնն ու կատարողական կարողութիւնները վաղուց ապահոված են, որ ան դառնայ համահայկական աստղ մը եւ իր համբաւը յորդի նաեւ հայկական շրջանակներէն։ Ուստի, համերգին ծրագիրը Սիպիլի արձանագրած վերելքին զուգահեռ՝ ձգողականութիւնով մը կեանքի պիտի կոչուի։
Անցեալ տարուան վերջին օրերուն հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ մեզի համար այնքան սիրեցեալ ու համակրելի մեներգչուհի Սիպիլը, որուն կ՚ընկերանային Գալֆաեան Տան հիմնադրի ներկայացուցիչ Լեւոն Տէօքմեճեան եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի սիւներէն Նուրհան Փալաքօղլու։ Զրոյցի ընթացքին անոնք մանրամասնութիւններ ներկայացուցին մօտալուտ համերգի ծրագրին եւ նշանակութեան մասին։ Արդարեւ, Սիպիլ երկար ժամանակ վերջ բեմ պիտի առնէ Իսթանպուլի մէջ։ Աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ իր ելոյթները թէեւ միշտ առցանց հասանելիութիւն կ՚ունենան եւ քաղաքիս երաժշտասէրները հաղորդ կը դառնան անոր ձայնին, սակայն, հասկնալի է, որ այդ բոլորը երբեք չեն փոխարիներ Սիպիլը բեմին վրայ կենդանի վայելելու հնարաւորութիւնը։ Ուրեմն, սա արդէն համերգի եզակի հիմնական երեսակը պիտի հանդիսանայ։
Սիպիլի այս մեծ համերգին մասնակցութիւն պիտի բերէ Հայաստանէն մեծ աստղ մը՝ նոյնպէս յայտնի մեներգիչ Անտրէ Սիմոնեան։ Այս վերջինը թէեւ ծրագրին ներգրաւուած է՝ որպէս հիւր արուեստագէտ, սակայն, իր անունը այժմէն կը բազմապատկէ բոլորին յուզումը՝ մանաւանդ, որ երաժշտասէրներու յիշողութեան մէջ թարմ են Սիպիլի եւ Անտրէի զուգերգները, համատեղ համերգները։
Բաց աստի, համերգի ողջ տեւողութեան բեմին վրայ պիտի գտնուի լարաւոր նուագարաններու՝ շուրջ 25 հոգիէ բաղկացեալ նուագախումբ մը, զոր պիտի ղեկավարէ յայտնի խմբավար Սիպիլ Արսէնեան։ «Առագաստ» նուագախումբը եւ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ՝ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի երգչախումբն ալ բաժին պիտի ունենան յայտագրին մէջ։ Ի լրումն այս բոլորին, յայտնի մեներգչուհի Այշէնուր Քոլիվար եւս պիտի մասնակցի յայտագրին։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին Սիպիլի եւ Այշէնուր Քոլիվարի համագործակցութիւնը ողջունելի պտուղներ կու տայ, ուստի, մօտալուտ համերգին կարեւոր երանգներէն մին պիտի ըլլայ այս մասնակցութիւնը։
Խմբագրատանս մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ժամանակ Սիպիլ յայտնեց, որ երեկոյթի ընթացքին իր՝ բոլորին ծանօթ երգերուն առընթեր, կը պատրաստուի ունկնդիրներուն հրամցնել նաեւ բոլորովին նոր գործեր։