ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ երէկ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ։ Բարեկենդանի այս ճաշկերոյթը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ ներկաները ունեցան հաճելի ժամանց, մինչ անոնց համար վերապահուած էին նաեւ զանազան անակնկալներ։

Խրախճանքի կազմակերպիչ Կազդուրման կայանի տիկնանց յանձնախումբին մաս կը կազմեն. Նորա Քումրալ, Թալին Շիրինփընար, Սանթա Ինկիլլի, Լետա Քոչ, Նազենի Թըրթըր, Մաթիլտա Ֆրատօղլու, Ալին Քումրալ, Ճոյս Տինչքայըքճը, Թալին Փափազեան, Լիզի Չերմէ-Ճիվանեան եւ Լեռնա Փափազեան։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019