ԱԽՈՅԵԱՆ ԼՈՂՈՐԴՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց մեր համայնքէն մարզիկներ։ Հիւրերու միջոցաւ նորին սրբազնութիւնը տեղեակ դարձաւ մեր համայնքի երիտասարդներուն կողմէ մարմնամարզի բնագաւառէն ներս վերջերս արձանագրուած յաջողութիւններուն։

Յունաստանի մէջ անցեալ ամիս տեղի ունեցաւ մրցաշարք մը, որուն մասնակցութիւն բերաւ Իսթանպուլի Երիտասարդական ու մարզական ակումբին կողմէ խումբ մը։ Այդ խումբի տասնմէկ անդամները մասնակցեցան լողի փարալիմփիք ողիմպիականներուն։ Կազմին մէջ կը գտնուէին մեր համայնքէն երկու երիտասարդուհիներ՝ Գարին Փաքէր եւ Գարին Քատէր Էօճալ։ Ողիմպիականներուն ժամանակ Գարին Փաքէր նուաճեց հինգ ոսկէ մետայլ։ Գարին Քատէր Էօճալն ալ նուաճեց երեք ոսկի, երկու արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետայլ։ Անոնց մարզիչներն էին Տուրան Արսլան եւ Պեռնա Պալ, որոնք նոյնպէս այցելեցին Գումգաբու։ Մարզիչները ընդգծեցին, որ Փաքէր եւ Էօճալ ունին աննկուն կամք մը։ Անոնք խնդրեցին, որ մեր համայնքը քաջալերանքի առարկայ դարձնէ այս լողորդները։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ բարձր գնահատեց լողորդներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները։ Նորին սրբազնութիւնը անոնց եւ իրենց ծնողներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Ընդհանուր փոխանորդը մատնանշեց, որ Պատրիարքական Աթոռը միշտ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու յաջող երիտասարդներուն եւ մեր համայնքին կը յորդորէ, որպէսզի նման երիտասարդներու պարագային չխնայուին միջոցներ՝ անոնց ապագայ յաջողութիւններուն սատարելու առաջադրութեամբ։

Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առնելէ առաջ մարզիկները նորին սրբազնութեան ձեռամբ որպէս յուշանուէր ստացան՝ Աթոռի հրատարակութիւններէն նմոյշներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2018