ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՓԱՌԱՏՕՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ անմահ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի ձօնուած փառատօն մը։ Երաժշտական այս ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։ Փառատօնը ձօնուած էր Արամ Խաչատուրեանի մահուան 40-րդ տարելիցին։ Յայտագիրը պատրաստուած էր երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Քիւչիւքօղլուի նախաձեռնութեամբ։

Փառատօնի սկիզբին ներկայացուեցաւ Արամ Խաչատուրեանի կենսագրութիւնը։ Այդ ամբողջին մէջ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան նաեւ իր տուն-թանգարանին շուրջ, որ կը գտնուի Երեւանի մէջ։

Դպրոցի զանազան դասարաններէն սաներ հանդէս եկան իրենց նուագարաններով՝ ներկայացնելով Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։ Թէ՛ խմբային եւ թէ անհատական ելոյթներ էին անոնք։

Փառատօնին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Պետական օփերայի մեներգչուհիներէն Այլին Աթէշ, որու ներկայութիւնը թէ՛ անակնկալ մը եւ թէ մեծ հաճոյք մը հանդիսացաւ ներկաներուն տեսակէտէ։ Այլին Աթէշ այս առթիւ յաջողեցաւ անմիջական հաղորդակցութիւն մը հաստատել աշակերտներուն հետ, որոնց բացատրութիւններ տուաւ օփերայի եւ ընդհանրապէս մարդոց ձայներուն մասին։ Իր մեներգն ալ խորապէս տպաւորեց բոլորը եւ արժանացաւ ջերմ ծափողջոյններու։

Յայտագրի աւարտին, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու արտասանեց փակման խօսք մը։ Ան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Այլին Աթէշին, Գարին Քիւչիւքօղլուին եւ գնահատեց յայտագրին մասնակցութիւն բերած աշակերտներուն բծախնդիր աշխատանքը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2018