«ՀԱՑԻՆ ԵՐԳԸ» ՆՈՐՈՎԻ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» գիրքի վերհրատարակութիւնը։ Առաջին անգամ 1921 թուականին հրատարակուած այս գործը հայ գրականութեան դասական գլուխգործոցներէն մին է։ Դանիէլ Վարուժանի աշակերտներուն կողմէ հիմնադրուած «Նաւասարդ» ընկերութեան ջանքերով այդ ժամանակ հրատարակուած այս գործը ներկայիս դարձեալ լոյս կը տեսնէ՝ հեղինակի ծննդեան 135-ամեակին առթիւ, ապակետիպ տպագրութեամբ։ Հրատարակութեան սկիզբը տեղադրուած է Դանիէլ Վարուժանի կեանքին ու գործին մասին ակնարկ մը։ Ապակետիպ հրատարակութիւնը իրականացուած է Մարսէյլի «Փարանթեզ» հրատարակչատան կողմէ տրամադրուած պատճէններուն հիման վրայ։

Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան, կողքի ձեւաւորումը կատարուած՝ Մելիսա Արսէնեանի կողմէ։

Վստահաբար գրասէրները անմիջական հետաքրքրութիւն ցոյց տան Դանիէլ Վարուժանի այս դասականացած գործին նկատմամբ, որու ներկայ հրատարակութիւնը կատարուած է մեծ խնամքով։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019