ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

«Յանկարծ» թատերախումբը նախընթաց օր Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքին համար ներկայացուց «Yüreğim Dağlardadır» թատերախաղը։ Բեմագրութիւնը պատրաստուած է ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անգլերէն համանուն գործին հիման վրայ։ Թատերախումբը Մխիթարեանի ընտանիքին համար այս ձեռնարկը կեանքի կոչեց Լեւենտի «Զիւպէյտէ Անա» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Երեկոյթի գլխաւոր կազմակերպիչը հանդիսացած էր Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան մատակարար մարմնի փոխ-ատենապետուհի Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, որ միեւնոյն ժամանակ Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահն է։ Ձեռնարկին հետեւեցան նաեւ հոգեւոր հայրեր եւ Մխիթարեանի մատակարար մարմնէն ներկայացուցիչներ։

Ներկայացման աւարտին «Յանկարծ»ի կազմէն Լարա Նարին արտասանեց սրտի խօսք մը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Սարգիս Սիրոփ։ Հուսկ, առ ի երախտագիտութիւն ծաղկեփունջ մըն ալ յանձնուեցաւ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրին։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024