ԱՒԵՏԻՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի ման­տո­լի­նի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից փոք­րիկ­նե­րուն ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը, որ ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի սա­նե­րը ան­ցեալ ե­ղա­նա­կին մեծ կար­գա­պա­հու­թիւ­նով ու ե­ռան­դով հե­տե­ւե­ցան ման­տո­լի­նի դա­սե­րուն, իսկ ե­րէ­կուան տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի ա­նոնք ի­րենց աշխ­ա­տան­քին ար­դիւն­քը ներ­կա­յաց­նեն բո­լո­րին։

Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Տի­րան Ա. Քհնյ. Րէի­սեան, Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան, Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քի պա­տուոյ նա­խա­գահ Մել­քոն Գա­րա­քէօ­սէ, Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի եւ միջ­նա­կար­գի բա­ժին­նե­րու տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու եւ Ժա­նէթ Ներ­կիզ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Ձեռ­նար­կի բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Ա­ւե­տիս Ար­զու­ման, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք իր կազ­մա­կեր­պած դա­սըն­թացք­նե­րուն կը բե­րեն ա­ջակ­ցու­թիւն։ Ա­ւե­լի վերջ ներ­կա­նե­րը մեծ հա­ճոյ­քով ունկնդ­րե­ցին իր սա­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուած ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գրին։

Նուագ­նե­րէն վերջ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Տ. Զա­քէոս Ծայ-րագոյն Վարդապետ Օ­հա­նեան եւ Մել­քոն Գա­րա­քէօ­սէ։

Հուսկ, սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը,  ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը բարձր գնա­հա­տե­ցին Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի ջան­քե­րը եւ շնոր­հա­ւո­րե­ցին իր սա­նե­րը։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015