ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ԵՐՋԱՆԻԿ ՕՐԸ
Գալփաքճեան ընտանիքը շաբաթավերջին ապրեցաւ մեծ երջանկութիւն։ Այսպէս, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երէցներէն, թերթիս սիւնակագիր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի սիրասուն թոռնիկին՝ Արա-Ժոզէֆ Գալփաքճեանի։ Նորոգ մկրտեալը որդին է Արարատ-Անէթ ամոլին։ Իր մկրտութիւնը իսկապէս շատ յատկանշական պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ, որովհետեւ փոքրիկը հարազատ մեծհօր իսկ ձեռամբ դրոշմուեցաւ, կնքահայրութեամբ Գրիգոր Սրկ. Գալփաքճեանի։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Գալփաքճեանները ապրեցան խանդավառ պահեր, եւ իրենց բոլոր բարեկամները անկեղծ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ կը փոխանցէին իրենց։ Բնականաբար, Գալփաքճեաններուն տեսակէտէ օրը նաեւ յուզումնախառն էր, որովհետեւ իրենց զգացական աշխարհէն ներս կար բացակայութիւնը հոգելոյս երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի, որ անժամանակ ձեւով մահացած ըլլալով չէր կրցած տեսնել թոռնիկները։ Հետեւաբար, ընտանիքի այս ուրախ օրուան խորհուրդին մէջ կը խայտար նաեւ անոր հոգին, ինչ որ բոլորի տրամադրութեան վրայ կը ներգործէր անխուսափելիօրէն։
Այս ուրախ առթիւ երկար եւ երջանիկ կեանք մը կը մաղթենք նորոգ մկրտեալ Արա-Ժոզէֆին, կը շնորհաւորենք իր ծողքը՝ Արարատ-Անէթ Գալփաքճեանները, կնքահայրը՝ Գրիգոր Սրկ. Գալփաքճեանը։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի եւ Արշալոյս Էմիրզէեանի, որու ծոռն է փոքրիկը։