ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄ
Պատրիարքական Աթոռի թանգարանը ստացաւ պաշտօնական ճանաչում։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս վերջին տարիներուն սկսած է գործել Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Թ. Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքին անուան ձօնուած թանգարանը, որուն ներկայիս շնորհուած է պաշտօնական կարգավիճակ։ Գումգաբուի աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, թէ անհրաժեշտ գործողութիւններու գործընթացի աւարտին, պատկան իշխանութիւնները հաստատած են թանգարանի ճանաչման վերաբերեալ պաշտօնագիրը։ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, որ թանգարանի պատասխանատուն է, այդ վկայագիրը ստանալով փոխանցած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։
Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ ուրախութիւն յայտնեց երկար սպասումէ մը վերջ ապահովուած այս ձեռքբերումին համար եւ իր հայրական շնորհաւորութիւնները յղեց թանգարանի պատասխանատուներուն։