ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին կը նախագահէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց երեկոյեան ժամերգութեան եւ նախատօնակի։ Այս առթիւ եկեղեցւոյ գանձատունէն հաւատացեալներու երկրպագութեան համար դուրս բերուած էր հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքակիր խաչը, որով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց հաւատացեալները։

Արարողութեան մասնակցեցան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծայրագոյն Վարդապետ Քարայեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասունքակիր խաչը զետեղեց պատուանդանին վրայ եւ արտասանեց բարեխօսական աղօթք։

Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տօնակատարութեան եւ նախատօնակի արարողութեան նշանակութեան։ Ան դիտել տուաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ գեղեցիկ սովորութիւններու շարքին մաս կը կազմեն սրբոց յիշատակութեան տօներու նախօրեակին անոնց մասունքներու երկրպագութիւններն ու բարեխօսական աղօթքը։

Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արձակման աղօթքով։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022