ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ընթացքին թաղականները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնի կոչուելուն առթիւ։ Աւելի վերջ անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան գործընթացին, թաղային խորհուրդի ընթացիկ աշխատանքներուն եւ ծրագրերուն շուրջ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ Սամաթիոյ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Ան յաջողութեան եւ կարողութեան մաղթանքներ յղեց թաղականներու կրթանուէր եւ աստուածահաճոյ գործունէութեան համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019