ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ՏՈՂԱՆՑՔ

Համահայկական 8-րդ խաղերու՝ օգոստոսի 5-ի բացման ընդառաջ, թրքահայ մարզական շրջանակներէն ներս խանդավառութիւնը հասած է գագաթնակէտին։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ, Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որ պատկառելի տողանցքի մը տպաւորութիւնը ստեղծեց։ Հաւաքին ներկայ գտնուեցան Համահայկական 8-րդ խաղերուն մասնակցելիք թրքահայ մարզիկներ, մարզիչներ եւ վարչայիններ։ Հիմնական ատենախօսներն էին՝ Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու եւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, որոնք Համաշխարհային կոմիտէին մէջ ալ կը ներկայացնեն թրքահայութիւնը։ Հարկ է յիշեցնել, որ թրքահայ համայնքէն մարզական բազմանդամ պատուիրակութեան առընթեր, Համահայկական խաղերուն առթիւ Հայաստան պիտի մեկնի նաեւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը, որ հանդէս պիտի գայ Կիւմրիի մէջ նախատեսուած բացման արարողութեան ընթացքին։

Երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ թրքահայ համայնքէն 270 հոգի Հայաստան պիտի մեկնի մօտալուտ մեծ մրցաշարքին համար։ Բացի 120 մարզիկներէ, խումբին մաս պիտի կազմեն ինչպէս մարզիչ կամ վարչայիններ, այնպէս ալ մարզասէր համակիրներ։ Իւրաքանչիւր ճիւղի մարզիկները ուղեցոյց-վարչային մը պիտի ունենան իրենց գլուխը։ Ուղեւորութեան բոլոր փուլերուն անոնք պիտի վերահսկեն՝ իրենց պատասխանատուութեան յանձնուած տղաքը։ «FlyOne Armenia»ի Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներով, երկու խումբերու բաժնուած ձեւով, տղաքը այս շաբթուան երկրորդ կէսին պիտի մեկնին Հայաստան՝ այնպէս մը, որ բոլորը կարողանան հասնիլ Կիւմրիի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, 5 օգոստոսի երեկոյեան։ Թրքահայ բոլոր մարզիկները պիտի իջեւանին Երեւանի կեդրոնի պանդոկներէն մէկուն մէջ։

Երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին վարչայինները մարզիկներուն յանձնեցին այն մարզաշապիկները, որոնք պիտի օգտագործուին ուղեւորութեան օրերուն։ Հարկ է նշել, որ տղաքը տարբեր մարզաշապիկներ պիտի հագնին ճամբորդութեան եւ բացման արարողութեան ընթացքին։ Միեւնոյն ժամանակ վարչայինները խորհուրդներ ալ տուին մարզիկներուն։ Անոնք բոլորին յորդորեցին միշտ մնալ պաղարիւն, մրցումներու ընթացքին վարուիլ հանգիստ ու մարզական ոգիի յարիր։ Մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ, որ ուղեւորութեան օրերուն շատ կարեւոր է շարժիլ հաւաքաբար, միշտ մնալ խումբի ձեւաչափին մէջ։

Ի լրումն այս բոլորին, վարչայինները կրկնեցին իրենց խոր երախտագիտութիւնը համայնքային այն բարերարներուն նկատմամբ, որոնց աջակցութեան շնորհիւ հնարաւոր դարձած է այս ուղեւորութեան կազմակերպումը։

Թրքահայ մարզիկները ուղեւորութեան տեւողութեան ազատ օրերուն հնարաւորութիւն պիտի ունենան ճանչնալու Հայաստանի պատմա-մշակութային տեսարժան վայրերը։ Անոնք պիտի դիտեն նաեւ «Մարալ»ի առանձին ելոյթը, որ նախատեսուած է Երեւանի մէջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023