ՈՉ ԵՒՍ Է ՏԱՆԻԷԼ ՔՈՒԶՈՒԼՈՒՔ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շատ անժամանակ ու ողբերգական ձեւով մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան սիրելի դէմքերէն տքթ. Տանիէլ Քուզուլուք, որ իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին էր։ Երէկ գիշեր ան հոգին աւանդած է իր բնակարանին մէջ՝ խոր սուգի մատնելով թէ՛ ընտանիքը եւ թէ բոլոր սիրելիները։
Տանիէլ Քուզուլուք 1979 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Կեդրոնական վարժարանը աւարտելէ վերջ բարձրագոյն ուսում ստանալու համար մեկնած էր Հայաստան։ Աւարտած էր Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը։ Վկայականը ստանալէ վերջ վերադարձած էր Իսթանպուլ, ուր, սակայն, բժշկագործելու հնարաւորութիւն չէր ունեցած՝ վկայականներու վաւերականութեան վերաբերեալ հարցերու բերումով։ Ամուսնացած էր, ունէր զաւակ մը։
Տանիէլ Քուզուլուք, որ իր բարեկամական շրջանակին այնքան սիրելի դէմք մըն էր, հարազատ ընկեր մը, դժբախտաբար, կեանքի ողջ տեւողութեան ունեցած էր փխրուն առողջութիւն մը։ Ինչպէս իր ընտանիքը, այնպէս ալ ընկերները կը գուրգուրային իր վրայ, որեւ խնամք չէին զլանար առողջական վերիվայրումներու ու դարմանման փուլերուն։ Տանիէլ Քուզուլուք կը տառապէր երիկամներու անբաւարարութենէ եւ փոխպատուաստումի մը ենթարկուած էր։ Քանի մը անգամ անցուցած էր սրտի տագնապ։ Թէեւ այս բոլորը յաղթահարած էր, սակայն, երէկուան վերջին փորձութիւնը եկաւ 45-ամեայ Տանիէլ Քուզուլուքը խլել իր սիրելիներէն։ Ան թէեւ կեանքով լեցուն էր, սակայն, նախախնամութեան տնօրիութիւնը այնպէս մը եղաւ, որ չկարողացաւ լիարժէք կեանք մը վայելել։
Հրաժեշտի տխուր պահուն երկնային հանգիստ կը հայցենք Տանիէլ Քուզուլուքի հոգւոյն։ Իր բարի յիշատակը վստահաբար անթառամ կը մնայ յիշողութեան մէջ բոլոր անոնց, որոնք զինքը ճանչցած էին եւ շփուած՝ անոր անկեղծ կերպարին հետ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր վշտահար այրիին ու որդւոյն, սգաւոր մօր եւ ամբողջ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնականի դասընկերներուն ու սիրելիներուն։