Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Թաղեցի հաւատացեալներու առընթեր, արարողութիւններուն մասնակցութիւն բերին նաեւ այլ թաղերէ փութացած հաւատացեալներ։ Նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ատենապետ Նուրհան Էնկինի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանը։ Եկեղեցւոյ բակին մէջ նորին սրբազնութիւնը շրջապատուեցաւ նաեւ հաւատացեալներուն կողմէ, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ անոնց հետ զրուցեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2019