ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՄՐԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան դասընթացքները արդէն եզրափակուած են։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցան այս դասընթացքները, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին թէ՛ մեր նոր սերունդի համախմբման եւ թէ՛ արձակուրդի շրջանին եռուզեռ մը, ընկերային շարժում մը ապահովելու առումով։

Այս տարի 6 մարզաձեւերու մէջ տեղի ունեցան Շիշլիի դասընթացքները, որոնց զուգահեռ ակումբը կազմակերպեց նաեւ զանազան մրցաշարքեր։ Ամրան դասընթացքներու եզրափակիչ հանդիսութեան մթնոլորտը համահունչ էր նախորդ շաբաթներուն տիրած անբացատրելի եռուզեռին։ Պատանի կամ երիտասարդ մարզիկները, անոնց մարզիչները, ծնողներ, ինչպէս նաեւ ակումբի այժմու կամ նախկին վարչայիններ համախմբուեցան ամրան դասընթացքներու փակման առթիւ։ Շաբաթներէ ի վեր տարուած խանդավառ ու կարգապահ աշխատանքով՝ արդէն դասընթացքներու մասնակիցներուն արդար իրաւունքն էր այսպիսի ձեռնարկով մը հրաժեշտ տալ իրարու՝ մանաւանդ եզրափակել ծրագիրը՝ թէկուզ յաջորդ եղանակին զիրար վերագտնելու յոյսով եւ ակնկալութեամբ։ Եզրափակիչ հանդիսութեան ընթացքին ալ կային անակնկալներ, նախատեսուած էին մրցոյթներ, որոնք գագաթնակէտին հասցուցին ստեղծուած եռուզեռը։ Դասընթացքներու մասնակիցները ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականներն ու մետայլները։ Ակումբի վարչայինները այս փուլին խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք ամրան դասընթացքներու կազմակերպման ուղղութեամբ դեր ու պատասխանատուութիւն ստանձնած էին։

Միւս կողմէ, ամրան դասընթացքներուն եզրափակիչ փուլը առիթ հանդիսացաւ, որ ծանուցուին Շիշլիի արդէն յառաջիկայ ձմրան՝ նոյնպէս աւանդական դասընթացքները, որոնք Իսթանպուլի զանազան հայաշատ թաղերուն մէջ կը կազմակերպուին եւ նոյնքան մեծ խանդավառութեան, բարձր տրամադրութեան առիթ կը հանդիսանան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022