ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անցեալ շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանէն պատասխանատուներ։ Այսպէս, դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլ, հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան եւ տնօրէն Շահին Չընար նորին սրբազնութեան ներկայացան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին հաստատութեան շուրջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ դպրոցի ներկայացուցիչներուն յղեց յաջողութեան մաղթանքներ՝ կրթական ծառայութեան ճանապարհին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017