ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐ…
Համայնքային շրջանակները երէկ ջերմօրէն ողջունեցին պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-ամեակի յոբելեանը։ Սամաթիոյ մատաղօրհնութեան ընթացքին մասնաւորապէս նշուեցաւ նաեւ այս տարեդարձը։
Քառորդ դար առաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ նորին սրբազնութիւնը օծուած էր եպիսկոպոս։ Ծանօթ է, որ աւելի քան կէս դար առաջ իր հոգեւոր ծնողը եղած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի անմոռանալի գահակալներէն երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեան։ Տրապիզոնցի մեծանուն պատրիարքի սանը եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր մեր եկեղեցւոյ արդի պատմութեան անմոռանալի հայրապետներէն Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եպիսկոպոս ձեռնադրուելէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին անսակարկ ծառայութիւն բերաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմին՝ նպաստելով անոր կայացման։ Նորին Սրբազնութիւնը ներկայիս ալ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին համար աշխատանք կը տանի իր փորձառութիւնով։
Երէկ, Սամաթիոյ մէջ, ի յիշատակ այս յոբելեանին, ատենապետ Եսայի Տեմիրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը նորին սրբազնութեան համար պատրաստած էր յուշապնակ մը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այդ յուշապնակը ստացաւ շրջապատուած Աթոռի միւս երկու սրբազաններուն՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ եւ ձեռամբ՝ Եսայի Տեմիրի։ Բոլոր ներկաները ծափահարութիւններով ողջունեցին տեղապահ սրբազան հօր յոբելեանը եւ յղեցին բարեմաղթանքներ։
Սիրոյ սեղանի աւարտին խորհրդարանին մէջ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը, որ պատրաստուած էր Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի յոբելեանին առթիւ։