ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Վարագայ Ս. Խաչի տօնին նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Պատարագին յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնին ընթացքին յիշատակուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ միաբաններէն հոգելոյս Տ. Շահան Արք. Սվաճեան՝ մահուան 10-րդ տարելիցին առթիւ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ ատենապետ Աքսել Թոփալեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի ընտանիքէն վարչայիններ։ Նորին Ամենապատուութիւնը սեղանին շուրջ թաղականներուն հետ արժեւորեց Պէյօղլուի իրադարձութիւնները՝ տեղեկութիւններ քաղելով վերջին ամիսներու ձեռքբերումներուն շուրջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023