ԱՐԴԱՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Երէկ երեկոյեան պոլսահայ վարժարաններու տնօրէնները մեծարեցին իրենց նուիրեալ պաշտօնակիցներէն մին՝ Էսաեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանը։ Սա արդար մեծարանք մըն էր, որովհետեւ Սաթենիկ Նշան աւելի քան երեք տասնամեակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած էր Էսաեան վարժարանին եւ իր բազմամեայ գործունէութիւնով երախտաշատ նպաստ մը բերած՝ պոլսահայ կրթական կեանքին։ Պաշտօնակիցներու մեծարանքը այս պարագային երախտագիտութեան տուրք մը ըլլալէ շատ աւելի բարձր նշանակութիւն ունի՝ հաշուի առնելով, որ Սաթենիկ Նշան որքան տհաճ եւ աղմկարար ձեւով պարտաւորուած էր լքել տնօրէնուհիի պաշտօնը։

Այս բոլորէն վերջ, մեր վարժարաններու տնօրէնները ընթրիքի սեղան մը սարքեցին ի պատիւ Սաթենիկ Նշանին։ Ընտանեկան մթնոլորտի մէջ անցած երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին պոլսահայ կրթական համակարգի անունով, մեր վարժարաններու այժմու տնօրէններուն կողմէ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ իրեն։ Սաթենիկ Նշանին համար պատրաստուած յուշապնակը յանձնեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Գարեգին Պարսամեան։

Թէեւ մթնոլորտը ջերմ ու անմիջական էր, սակայն, մեր վարժարաններու տնօրէնները վերահաստատեցին իրենց յարգանքը՝ Սաթենիկ Նշանի կողմէ տարիներ շարունակ անձնուիրաբար մատուցուած ծառայութեան համար։ Այդ ծառայութիւնը մատուցուած էր իր սիրելի Էսաեան վարժարանին, մեր համայնքի սիրասուն զաւակներուն եւ ան այդ հսկայական աշխատանքը ծաւալած էր՝ միշտ հասունութեամբ եւ քաղցր ժպիտով։ Իր պաշտօնակիցները երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին ալ վայելեցին այդ ժպիտը՝ Սաթենիկ Նշանի նկատմամբ իրենց անվերապահ գնահատանքն ու աջակցութիւնը յայտնելու ժամանակ։ Որպէս մեծարեալ, ան համակուած էր զգացականութեամբ, որովհետեւ հաւաքոյթը իր յիշողութեան մէջ կը պատկերացնէր ինչ-ինչ դրուագներ, որոնց ընդմէջէն մէկ կողմէ կը հասնէր Էսաեան վարժարանին, իսկ միւս կողմէ կ՚ոգեկոչէր իր հանգուցեալ ամուսինը՝ Հայկ Նշանը, որ եւս բազմաշխատ կրթական մշակ մը եղած էր։

Մեր վարժարաններու տնօրէնները ընթրիքի սեղանին շուրջ յագեցուցին իրենց կարօտը Սաթենիկ Նշանէն, որու համար արտասանուած բաժակաճառերու մէջ ընդգծուեցան մշտական բարեկամութեան զգացումները։ Սեղանի շուրջ էր նաեւ յարաբերաբար աւելի երիտասարդ, բայց նոյնպէս բարձր գնահատուած կրթական մշակ մը՝ Առլին Եշիլթեփէ, որ եղած էր Սաթենիկ Նշանի անմիջական գործակիցներէն մին եւ Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիի պաշտօնէն նոյնաժամանակ հեռացուած՝ աղմկարար ձեւով։

Մեր վարժարաններու տնօրէններու հասարակաց մաղթանքն էր, որ պոլսահայ կրթական համակարգէն չպակսին Սաթենիկ Նշանի նման նուիրեալներ, որպէսզի մեր նոր սերունդները կարողանան վայելել սէր, հոգածութիւն ու խնամք՝ ինչպէս բարձր մասնագիտական կարողութիւնով, այնպէս ալ մարդկային ամբողջական առաքինութիւնով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021