ԱՐԱՄ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նազար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Ա­րամ Կոս­տա­նեան։ Ու­սուց­չաց օ­րուան յա­ջորդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Թըր-քա­հայ ու­սուց­չաց հի­մնար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյթ մըն էր այս մէ­կը, որ ձօ­նուած էր մեր կրթա­կան մշակ­նե­րուն։

Ներ­կայ էին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հեր­կէ­լեան, Թըր-քա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Սար­գիս Քիւ­լէ­կէչ, մեր վար­ժա­րան­նե­րէն տնօ­րէն­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ եւ կո­կիկ թի­ւով գրա­սէր­ներ։ Ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան։

Ա­րամ Կոս­տա­նեան, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իր ջանքե­րով կա­րե­ւոր ներդ­րում մը կը բե­րէ մեր բե­մա­կան կեան­քին, ե­րէկ աս­մուն­քի ե­րե­կոյ­թով մը ներ­կա­յա­ցաւ հան­դի­սա­տես­նե­րուն։ Ան իր յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տած էր՝ մեր զա­նա­զան կրթա­կան մշակ­նե­րու գոր­ծե­րով։ Բե­մին վրայ զե­տե­ղուած սե­ղա­նին գլու­խը նստած՝ Ա­րամ Կոս­տա­նեան ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ, քիչ մըն ալ թա­տե­րա­խառն ո­ճով մեկ­նա­բա­նեց մեր գոր­ծող զա­նա­զան կրթա­կան մշակ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնց շար­քին էին Լեռ­նա Քա­րաքիւ­թիւք, Ժպտուն Զուր­նա­ճըօղ­լու, Թա­լին Կա­րիփ­կիւն ե­ւայլն։

Յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին արուեստագէտ Ա­րամ Կոս­տա­նեան ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցաւ իր ա­րուես­տի հա­մա­կիր­նե­րուն կող­մէ, ո­րով հեր­թա­կան ան­գամ հա­մակ­րանք ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րեն նկատ­մամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016