ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԷՆ ՆԵՐՍ ԳՈՐԾԵԼ ՍԿՍԱՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ ՄԸ

Շիշլի մարզակումբէն ներս վերջերս գործել սկսաւ երիտասարդաց յանձնախումբ մը։ Ակումբի վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի մարզիկներէն բաղկացեալ կազմ մըն է այս մէկը։ Վարչութեան այս նախաձեռնութեան նպատակն է համախմբել համայնքի երիտասարդութիւնը եւ ապահովել, որ ակումբը յառաջիկային իր երիտասարդ տարրերու հոգածութեան առարկայ դառնայ։

Նորակազմ յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Արի Քարաքաշ, Ալէք Սոմունճեան, Արիս Նշան, Ֆրանչեսքօ Շատեան, Հերոս Քարա, Լառա Եշիլ, Լինա Սարայտար, Սարին Ինան, Շիրակ Աքքայա եւ Երազ Պէշիկթաշլեան։

Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2019