ԷՍԱԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցան հոգելոյս ազգային բարերարներ՝ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեան վարժարանի հիմնադիր այս երկու երախտաշատ անունները բիւր յարգանքով վերյիշուեցան հերթական անգամ։ Արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Մելինէ Թեմելճիի։

Արարողութեան ներկայ էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն Պերրին Տայան, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, ուսուցչաց կազմէն ներկայացուցիչներ, զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ եւ աշակերտներ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնի ժամանակ բոլորը բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին դպրոցի հիմնադիրներու անմեռ յիշատակին առջեւ։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020