ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՕՆՆՕ ԹՈՒՆՉԻ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՄԵՐԳ

Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին մասնաւոր համերգով մը վերյիշուեցաւ յայտնի երգահան Օննօ Թունչ։ Թրքական փոփ երաժշտութեան ակունքներուն կանգնած արուեստագէտ մըն է Օննօ Թունչ, որու ի յիշատակ կազմակերպուած համերգը զուգադիպեցաւ իր մահուան 24-րդ տարելիցին։ Երեկոյթը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հոծ թիւով երաժշտասէրներ լեցուցած էին դահլիճը, ուր ներկայ էին նաեւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ Իզզէթ Էօզի հանդիսավարութեամբ։ Համերգի երգացանկը բաղկացած էր Օննօ Թունչի ստեղծագործութիւններէն, որոնք մեկնաբանուեցան Նուարդ Աւետիքօղլուի, Մարալ Չափան-Աթամանի, Շելալէ Շեհնազ-Սամի կողմէ։ Դաշնակահար Սերժ Մըսըր նուագակցեցաւ մենակատարներուն։ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթն ալ պարերով մասնակցութիւն բերաւ ձեռնարկին։ Համերգի վառ պահերէն մին էր՝ Հայքօ Թաթարեանի, Մարալ Աթամանի, Ալեքս Թաթարեանի եւ Նուարդ Աւետիքօղլուի կողմէ կատարուած համատեղ ելոյթը։ Օննօ Թունչի բարեկամներէն Էմին Ֆընտըքօղլու, Նեշէթ Ռուաճան, Նիւքհէթ Տուրու, Նիլիւֆէր, Աթիլլա Էօզտեմիրօղլու եւ Սեզէն Աքսու փոխանցեցին տեսագրուած յուշեր։

Շիշլիի քաղաքապետութենէն Սելինա Տողան տեղեկացուց, որ իրենց գաւառակին մէջ փողոց մը պիտի կոչուի Օննօ Թունչի անունով։

Երեկոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքերով։ Որպէս յուշանուէր՝ Նորին Ամենապատուութեան յանձնուեցաւ Օննօ Թունչի դիմանկարը, որ պատրաստուած էր յայտնի արուեստագէտ Վարդան Փաչաճըի կողմէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020