Տ. ՎԻԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅԳԱԶԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմական պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որ վերջերս քաղաքս կը գտնուէր, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ։

Նորին սրբազնութիւնը Պոլիս տուած իր կարճատեւ այլելութիւնը առիթ համարելով փափաքած էր փութալլ Գումգաբու՝ Աթոռոյ նորընտիր գահակալը շնորհաւորելու։ Զրոյցի տեւողութեան հիւր սրբազանը ուրախութիւն յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը երկար ժամանակ յետոյ տիրացած էր իր նոր գահակալին։ Այս առթիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր մաղթեց քաջառողջ կեանք եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար եւ ոյջունեց Վիգէն Սրբազանը։ Այս առթիւ յիշատակեց անցեալէ դրուագներ՝ շեշտելով Պոլսոյ Աթոռոյ կարեւորութիւնը ու խնդրեց իր հոգեւոր եղբօր աղօթակցութիւնը վասն անսասանութեան Պատրիարքական Աթոռոյ։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020