ԳՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Հայ կա­թո­ղի­կէ Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քէն ներս կը նա­խա­տե­սուի հաս­տա­տել գրա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րու շարք մը։ Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի յա­րա­կից հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան սկիզբ ա­ռաւ այս գրա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րուն շար­քը։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ ծրագ­րին մաս­նա­կից­նե­րը եր­կու շա­բա­թը ան­գամ մը քով քո­վի գա­լով զրու­ցեն ի­րենց կար­դա­ցած գրա­կան մէկ գոր­ծին շուրջ։ Զրոյց­նե­րու շար­քը կը վա­րէ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր, բա­նա­սէր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան։

Գրա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րու երէ­կուան ա­ռա­ջին հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցաւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, որ ե­րե­կոյ­թի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նե­լով անդ­րա­դար­ձաւ ծրագ­րի նպա­տա­կին եւ բարձր գնա­հա­տան­քով ծա­նօ­թա­ցուց Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նը։

Ա­ւե­լի վերջ գրա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րուն ա­ռա­ջի­նը կա­տա­րուե­ցաւ կո­կիկ թի­ւով հե­տաքր­քիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ա­ռա­ջին հա­ւա­քոյ­թին նիւ­թը ե­ղաւ Շա­հան Շահ­նու­րի «Յա­րա­լէզ­նե­րուն դա­ւա­ճա­նու­թիւ­նը» հա­տո­րին հա­մա­նուն պատ­մուած­քը։ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց Շա­հան Շահ­նու­րի կեն­սագ­րու­թիւ­նը։ Ան սփիւռ­քեան մեր գրա­կա­նու­թեան այս յա­ռա­ջա­տար դէմ­քը ծա­նօ­թա­ցուց իր ժա­մա­նա­կին ու սե­րուն­դին խո­րա­պատ­կե­րին վրայ, ինչ որ նպաս­տեց մաս­նա­կից­նե­րու մօտ ամ­բող­ջա­կան ըն­կա­լու­մի մը ձե­ւա­ւոր­ման։ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան խօ­սե­ցաւ նաեւ Շահ­նու­րի գրա­կան դի­մա­գի­ծին մա­սին՝ տա­լով իր գրա­կա­նու­թեան ընդ­հա­նուր մէկ պատ­կե­րը։ Ըն­թաց­քին ան պա­տաս­խա­նեց նաեւ ներ­կա­նե­րու զա­նա­զան հար­ցում­նե­րուն։

Այս ա­ռա­ջին զրոյ­ցը ա­ւար­տին հա­սաւ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի եզ­րա­փա­կիչ խօս­քով։ Զրոյց­նե­րու շար­քը պի­տի շա­րու­նա­կուի յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015