ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ուշ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը, ո­րով դրա­կան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցեց թրքա­հայ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի առ­կայ տագ­նա­պա­լի վի­ճա­կին շուրջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, որ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին մեկ­նե­ցաւ Գեր­մա­նիա, Քէօլ­նի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը հաս­նե­լէ վերջ հա­կիրճ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ու­ղար­կեց հա­մայն­քա­յին մա­մու­լին։ Այս առ­թիւ ան ընդգ­ծեց, որ պատ­րիար­­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տան­քի շրջա­նը իր կող­մէ յա­ռաջ պի­տի տա­րուի ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան։ Ան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ այս շրջա­նը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ բո­լո­րել ներ­դաշ­նակ ու հա­մե­րաշխ պայ­ման­նե­րու մէջ եւ բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ջանք պի­տի չխնա­յեն ի­րենց կա­րե­լին ը­նե­լու հա­մար։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի 19 Մարտ 2017 թուա­կիր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ը­սուած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ինչ­պէս որ ծա­նօթ է, Պոլ­սա­հայ հա­մայն­քին Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կիր նիս­տին ո­րո­շուած էր՝ Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը կազ­մող Տե­ղա­պա­հա­կան ընտ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցաւ 15 Մարտ 2017-ին: Անձս Տե­ղա­պահ ընտ­րուե­ցաւ Ե­կե­ղե­ցա­կան դա­սու Հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն բա­րե­հաճ գնա­հա­տան­քով: Հե­տե­ւա­բար ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած ե­կե­ղե­ցա­կան բո­լոր եղ­բայր­նե­րուս վստա­հու­թեան այ­սու կը յայտ­նեմ իմ սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը: Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, իմ ընտ­րու­թեան առ­թիւ ի­րենց շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը յայտ­նած հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ ան­հատ­նե­րուն կը յայտ­նեմ իմ սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը:

«Այս­տեղ կը փա­փա­քիմ յայտ­նել, թէ Թուր­քիոյ հա­յոց 85-րդ պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան հա­մար ձեռ­նար-կըւած աշ­խա­տան­քի շրջա­նը իմ կող­մէ պի­տի տա­րուի ե­կե­ղեց­ւոյս ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան: Կը հա­ւա­տամ ու վստահ եմ, թէ այս շրջա­նը պի­տի կա­րե­նանք բո­լո­րել ներ­դաշ­նակ եւ հա­մե­րաշխ պայ­ման­նե­րու մէջ եւ բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ջանք պի­տի չխնա­յեն ի­րենց կա­րե­լին ը­նե­լու: Հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն կը հա­ւաս­տիաց­նեմ, որ Աս­տու­ծոյ կամ­քով  բար­ւոք լու­ծում պի­տի գտնէ ա­մէն հարց»։

Մինչ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ստեղ­ծուած վի­ճա­կը կը մնայ առ­կայ, Պատ­րի­րար­քա­կան ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ա­ռա­ւօտ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ կի­րակ­նօ­րեայ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։ Յետ­մի­ջօ­րէին ալ ան մեկ­նե­ցաւ Գեր­մա­նիա։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս կա­պակ­ցու­թեամբ մե­զի յայտ­նեց, որ շուրջ շաբ­թուան մը հա­մար պի­տի բա­ցա­կա­յի քա­ղա­քէս։ Ըստ իր բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, ան նա­խա­պէս ճշդուած կա­րե­ւոր ժա­մադ­րու­թիւն մը ու­նէր Գեր­մա­նիոյ մէջ եւ այս պատ­ճա­ռով անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րած է մի­ջո­ցի մը հա­մար մեկ­նի­լը։ Մնաց որ, իր խօս­քե­րով, ան կարճ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար քա­ղաքս ե­կած էր եւ Գեր­մա­նիա­յէ վե­րա­դար­ձին ա­ւե­լի պատ­րաս­տու­թիւն տե­սած պի­տի ըլ­լայ եր­կա­րա­ժամ­կէտ կե­ցու­թեան հա­մար։

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը։ Թա­ղե­ցի­նե­րուն ա­ռըն­թեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ մաս­նակ­ցե­ցան Ս. Պա­տա­րա­գին, զոր մա­տոյց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի։

Օ­րուան քա­րո­զին մէջ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին։ Ան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն բա­ցատ­րեց, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րու փու­լին յա­ռա­ջա­ցան շարք մը խնդիր­ներ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յոյս յայտ­նեց, որ ար­դար լու­ծում մը պի­տի գտնուի այդ բո­լո­րին հա­մար։ Իր խօս­քե­րով, ե­կե­ղե­ցին Աս­տու­ծոյ տունն է։ Ինչ­պէս որ մար­դիկ ի­րենց տան նկատ­մամբ խնամք կը տա­նին՝ այն­պէս ալ Տէր Աս­տուած իր խնամ­քին տակ կը պա­հէ ե­կե­ղե­ցին, որ իր տունն է։ Աս­տուած կը ջա­նայ ար­դար ու պայ­ծառ պա­հել իր տու­նը, Աս­տու­ծոյ տու­նը բա­րե­զար­դուած կը մնայ ա­նոր իսկ հո­վա­նիին ներ­քեւ։ Այս սկզբուն­քէն ա­ռաջ­նոր­դուե­լով Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց լա­ւա­տես պատ­գամ­ներ։ Ան մէջ­բե­րեց նաեւ ե­րէց սե­րուն­դի ան­դամ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ խորհր­դան­շական օ­րի­նակ մը։ Ա­նոնք, ո­րոնք կը յի­շեն Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի ձեռ­նադ­րու­թեան օ­րը՝ Սկիւ­տա­րի Ս. Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, այդ օ­րի­նա­կը մեկ­նա­բա­նե­ցին դրա­կան ձե­ւով եւ յու­զու­մով։ Ար­դա­րեւ, Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կու­սակ­րօն քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած օ­րը Սկիւ­տա­րի Ս. Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­ձա­կուած ա­ղաւ­նի­նե­րէն մին ե­կած է պահ մը կան­գիլ ա­նոր գլխուն վրայ։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը բա­ցատ­րեց, որ այդ ա­ղաւ­նին կեան­քի ողջ տե­ւո­ղու­թեան ու­ղե­ցոյց ե­ղած է ի­րեն եւ այդ պա­տա­հա­կա­նու­թեան տուած բա­րո­յա­կան ու­ժով փոր­ձած էր բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րել կեան­քի մէջ։ «Աս­տու­ծոյ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը տար­բեր է մար­դոց­մէ», ը­սաւ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ ընդգ­ծեց, որ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր զա­ւակ­նե­րը պէտք է փոր­ձեն ըլ­լալ «լոյ­սի մարդ»։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը քա­րո­զին մէջ ան­հանգս­տու­թիւն յայտ­նեց նաեւ այն բուռն բա­նա­վէ­ճե­րուն շուրջ, ո­րոնք կը ծա­ւա­լուին հա­մա­ցան­ցի վրայ մեր հա­մայն­քա­յին խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րէ ներս վի­րա­ւո­րա­կան, վար­կա­բե­կիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ կը նկա­տուին։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան յոր­դո­րեց հե­ռու մնալ այդ բո­լո­րէն՝ մա­նա­ւանդ, որ այդ բո­լո­րը կ՚ուղ­ղուին նաեւ կարգ մը հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու դէմ։

Ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը հա­ղոր­դա­կան ո­ճով խօ­սած այս քա­րո­զի ա­ւար­տին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց դէ­պի Գեր­մա­նիա այ­ցե­լու­թեան մա­սին եւ բո­լո­րին յանձ­նա­րա­րեց չմտա­հո­գուիլ, ըլ­լալ դրա­կան տրա­մադ­րու­թեան մէջ եւ ինքն ալ շու­տով պի­տի վե­րա­դառ­նայ։

DEĞABAH’TAN AÇIKLAMA VE TEŞEKKÜR

Cemaatimizce de bilindiği üzere 26 Ekim 2016 tarihinde Ruhaniler Genel Meclisince yapılması kararlaştırılan Türkiye Ermenileri Patrikliği seçiminin ilk aşaması olan,“Değabah Seçimi”, 15 Mart 2017 günü gerçekleşti. Ruhaniler Genel Meclisi’nin teveccühü ile Değabah seçildim. Öncelikle bu seçime katılan değerli din adamı kardeşlerime teşekkür ederim. Aynı zamanda bu göreve seçilmiş olmam vesilesiyle bana tebriklerini ileten cemaat, kurum ve bireylerine de ayrıca teşekkürlerimi sunarım.

Bu vesileyle ifade etmek isterim ki Türkiye Ermenilerinin 85. Patriğini seçmek üzere başlatılan seçim süreci gelenek ve teammüllerimize göre, tarafımca gereği gibi ve layıkıyla sürdürülecektir. Öyle inanıyor ve güveniyorum ki bu sürecin huzur ve sükun içinde yaşanması için sorumlu mevkide bulunanlar azami gayreti göstereceklerdir. Toplumumuzun bu konuda müsterih olmasını istiyorum.

Sevgi, saygı ve kutsamalarımı sunarım.

Tanrı yardımcımız olsun.

Değabah Karekin Başepiskopos Bekçiyan 

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017