ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆ ՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շուրջ հինգ տա­րուան ընդ­հա­տու­մէ մը վերջ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ միջ­միու­թե­նա­կան գի­տա­կան մրցոյ­թը։ Մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը այս մրցոյ­թը մաս կը կազ­մէր միջ­միու­թե­նա­կան ա­ւան­դա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին, սա­կայն դժբախ­տա­բար ընդ­հա­տուած էր ա­նոր յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ վեր­ջին ան­գամ 2010 թուա­կա­նին կազ­մա­կերպուած մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին ա­ռաջ­նու­թիւ­նը նուա­ճած էր Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թիւ­նը, այս վերջ­նոյն վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շած էր շարժ­ման անց­նիլ, վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար նա­խըն­թա­ցը։ Հարկ է նշել, որ ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեա­նի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն ջան­քե­րը այս ա­ռու­մով պսա­կուե­ցան յա­ջո­ղու­թեամբ։ Ինն միու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ վերս­տին կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ գի­տա­կան մրցոյ­թը, որ տե­ւեց ա­միս մը։ Եօթ հան­դի­պում­նե­րու հանգրուա­նէն վերջ ե­րէ­կուան եզ­րա­փա­կի­չը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գում­գա­բուի Ս. Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման տա­ճա­րին մէջ, Ա­թո­ռա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս։

Մշա­կու­թա­սէր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրքրու­թիւն ցոյց տուին ա­ւար­տա­կան փու­լին նկատ­մամբ, ո­րու ըն­թաց­քին Վար­դան Պալ­մում­ճեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։ Ա­ւե­լի վերջ խում­բե­րը վեր­ջին ան­գամ չա­փե­ցին ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը։ Ար­դիւն­քին՝ ա­ղիւ­սա­կը գլխա­ւո­րեց Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի սա­նուց միու­թիւ­նը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Սա­հա­կեանն ու «Մա­րալ» միու­թիւ­նը։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հանգ­րուա­նին բո­լոր ներ­կա­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին մաս­նա­կից­նե­րը, դափ­նե­կիր­ներն ու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը։

Հարկ է նշել, որ այս մրցա­շար­քի դա­տա­կազ­մը բաղ­կա­ցած էր ե­րեք ա­նուն­նե­րէ՝ Սե­լին Չա­վու­շօղ­լու, Ար­տա Պաք­լա­ճըօղ­լու եւ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան։ Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին վե­րա­բե­րեալ հար­ցում­նե­րը պատ­րաս­տուած էին  ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի կող­մէ։ Ընդ­հա­նուր գի­տե­լիք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցում­նե­րը պատ­րաս­տած էին Ար­տա Պաք­լա­ճըօղ­լուի գլխա­ւո­րած խում­բին կող­մէ։ Դա­տա­կազ­մի միւս մաս­նա­կի­ցը՝ Սե­լին Չա­վու­շօղ­լու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ստանձ­նած էր հան­դի­սա­վա­րի դե­րը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015