ԽՏԱՑԵԱԼ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) համակարգման խորհուրդը երէկ երեկոյեան կարեւոր ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Այս ժողովը տեղի ունեցաւ թրքահայ համայնքի հրատապ օրակարգին շուրջ։ Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան դիմած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ VADİP-ը։ Երկու սրբազանները խնդրած էին, որպէսզի Պետրոս Շիրինօղլու VADİP-ի համակարգման խորհուրդը ժողովի հրաւիրէ՝ քննարկելու համար մեր համայնքի հրատապ օրակարգի առկայ հարցերը։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու փութով ընդառաջեց երկու սրբազաններու խնդրանքին եւ այդ հիման վրայ երէկուան արտահերթ ժողովը կազմակերպուեցաւ՝ VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըի ալ ջանքերով։
Յետմիջօրէին նա՛խ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, ապա Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ժամանեցին Ազգային հիւանդանոց։ Ընթացքին հասան նաեւ համայնքային աշխարհական վարիչները։ Ժամը 16.00-ը քիչ անց սկսաւ այս կարեւոր խորհրդակցութիւնը։ Թէ՛ ժողովը արտահերթ էր եւ թէ ձեւաչափը արտասովոր։ Այս բոլորը հասկնալի էին, որովհետեւ մեր համայնքը դժուար շրջանէ մը կ՚անցնի՝ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած առկայ տագնապին հետեւանքով։ Բացի Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանէն, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանէն եւ Պետրոս Շիրինօղլուէն, երէկուան խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ատենապետ Լեւոն Շատեան, Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան, Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթօ Արման, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Արէտ Քորեան։ Այս վերջիններուն առընթեր խորհրդակցութեան ներկայ գտնուեցաւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն Թորոս Աբիկ, որու բնակարանին մէջ կ՚իջեւանի ընտրեալ-տեղապահը։ Որոշ յապաղումով մը ժողովականներուն միացաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամներէն Գէորգ Սրկ. Ներկիզ։
Երկու սրբազաններն ու ժողովական ազգայինները երկար քննարկում մը իրականացուցին պատրիարքական ընտրութեան հարցին մէջ ստեղծուած առկայ թնճուկի յաղթահարման հեռանկարները սեղանի վրայ դնելու համար։ Այս խտացեալ որոնումներու մթնոլորտին մէջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մանրամասնօրէն ներկայացուցին ներկայ ճգնաժամի լուծման վերաբերեալ իրենց պատկերացումները։ Երէկուան ժողովէն վերջ VADİP-ի համակարգման խորհուրդը հրապարակեց պաշտօնական զեկոյց մը, որու թրքերէն բնագիրը նոյնութեամբ ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։ Ամփոփ տեղեկութիւններ կը պարունակէ այս զեկոյցը, որուն մէջ նշուած է, որ երէկուան խորհրդակցութեան աւարտին որոշուեցաւ աշխատանք տանիլ՝ Հայ Եկեղեցւոյ կանոններով ու պետական պաշտօնական ընթացակարգերով նախատեսուած քայլերը ներդաշնակեցնելու ուղղութեամբ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ, մեր աշխարահական վարիչները երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին արտայայտեցին իրենց մտահոգութիւնն ու անհանգստութիւնը՝ համայնքի ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Յառաջիկայ շրջանին կ՚ակնկալուի զանազան հարթութիւններու վրայ նոր շփումներու համար հանդէս գալ նախաձեռնութիւններով։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, հիւանդանոցի երէկուան ժողովին ընթացքին երկու սրբազաններուն եւ խորհրդակցութեան մասնակիցներուն միջեւ տեղի ունեցաւ անկեղծ խօսակցութիւն, որու ժամանակ բոլոր իրողութիւնները հաշուի առնուեցան առարկայականօրէն։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մատնանշեց իր դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Ան գանգատ յայտնեց, որ աշխատասենեակ մը չի կրնար ունենալ Պատրիարքարանի մէջ։ Ընտրեալ-տեղապահը յայտնեց, որ եկեղեցական կանոններով ինքն ունի օրինական դիրք, իբր այդ խնդրեց համայնքային վարիչներուն զօրակցութիւնը։ Ան անհանգստութիւն յայտնեց նաեւ եկեղեցականներու պաշտօնավարութեան վայրերու փոփոխութիւններուն եւ Ս. Զատկի շնորհաւորական հաւաքոյթներէն դուրս թողուած ըլլալուն բերումով։ Աշխարհական վարիչները ըմբռնումով մօտեցան ընտրեալ-տեղապահի խօսքերուն։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ ընդգծեցին, որ կը ճանչնան ու կը յարգեն ընտրեալ-տեղապահը, սակայն միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ է հաշուի առնել, որ ան ի վիճակի չէ մեր համայնքը գործնականօրէն պատրիարքական ընտրութեան առաջնորդելու։ Արդարեւ, տեղապահը ընտրութիւն կազմակերպելու համար պէտք է անմիջական աշխատանք տանի պատկան իշխանութիւններուն հետ, սակայն առկայ պայմաններով ընտրեալ-տեղապահը չունի պետութեան կողմէ ճանաչում։ Ժողովական ազգայինները դիտել տուին, որ մեր համայնքի այսօրուան կացութիւնով ո՛չ Պատրիարքարանը կրնայ իշխել համայնքի հաստատութիւններուն վրայ, ոչ ալ համայնքային հաստատութիւնները հնարաւորութիւն ունին Պատրիարքարանի վրայ ազդեցութիւն կամ ճնշում բանեցնելու։ Հետեւաբար, անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին դրական տեսակէտներ, խնդրանքներ փոխանցելու ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ անոնց արտայայտութիւններէն զգալի դարձաւ, որ ներկայ փակուղիի յաղթահարման անհրաժեշտ նախապայմաններէն մին կը համարուի Աթոռի երեք սրբազաններու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը, մինչդեռ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ներկայիս գրեթէ չեն շփուիր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։
Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան տեղեկացուցած է, որ շուրջ շաբաթ մը վերջ դարձեալ Գերմանիա պիտի մեկնի՝ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնով պայմանաւորուած ստիպողական հանգամանքներու բերումով։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ տեղեկացուցած է, որ այս օրերուն շուրջ երկու շաբթուան բացակայութիւն մը պիտի ունենայ քաղաքէս։ Հաշուի առնելով, որ հանրաքուէն ալ տակաւին նոր աւարտած է եւ յետ քուէարկութեան մթնոլորտին մէջ պետական մարմինները ունին հասկնալի ծանրաբեռնուածութիւն մը՝ Պետրոս Շիրինօղլուի վերադարձէն յետոյ աշխատանքները թափ պիտի ստանան եւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանն ալ պիտի սպասէ այդ հաւանական լուրերուն։
Երէկուան ժողովի աւարտին Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ ժողովականներուն ակնկալութիւնները կը կեդրոնանան իր վրայ, ինք պատրաստակամ է ամէն ինչ ընելու համայնքը այս կացութենէն դուրս բերելու համար, սակայն իր հնարաւորութիւններն ալ պէտք չէ գերագնահատուին։ «Հասկնալի է, որ պետական շրջանակներու հետ շփումներուն մէջ պէտք է ըլլալ շատ նրբանկատ, պէտք է գործել չափուած-կշռուած ձեւով։ Առաւելապաշտ պահանջկոտութիւնով մը կարելի չէ վերաբերուիլ մեր պետութեան պատասխանատուներուն հետ, որոնց կողմէ ցայսօր ցուցաբերուած բարեացակամ վերաբերմունքին համար պէտք է ըլլալ երախտապարտ։ Կը յուսամ, համայնքէ ներս միասնականութեամբ պիտի լուծենք այս հարցերը, սակայն առայժմ ձեռնպահ կը մնամ յստակ ժամկէտներու մասին խօսելէ», մեզի յայտնեց Պետրոս Շիրինօղլու։