ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Պէ­յօղ­լուի Լու­սա­ւո­րիչ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նո­րըն­տիր տնօ­րէն խոր­հուր­դը։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ իր օրհ­նու­թիւ­նը նո­րա­կազմ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն եւ հայ­րա­կան վե­րա­բեր­մուն­քով յղեց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։ Երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին այժմ տարուած աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րուն շուրջ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս մատ­նան­շուե­ցաւ, թէ երգ­չա­խում­բի ման­կանց կազ­մին աշ­խա­տանք­ներն ալ կը շա­րու­նա­կուին թա­փով եւ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին նա­խա­տե­սուած է հա­մերգ մը։

Շնոր­հա­ւո­րե­լով տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ նոր շրջա­նին եւս ա­նոնք պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ պի­տի գոր­ծեն՝ Լու­սա­ւո­րիչ երգ­չա­խում­բը կա­տա­րեալ դիր­քի մը վրայ պա­հե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015