ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Երկարատեւ աշխատութենէ յետոյ վերջերս լոյս տեսաւ Treasures of Faith (Հաւատքի գանձեր) գիրքը՝ շքեղ եւ գունաւոր տպագրութեամբ։ Գիրքը պատրաստուած է Մինէսոթայի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Ռոնալտ Մարիս, Արեւմտեան Միշիկընի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Մառլէն Պրէու եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Այս հատորը կ՚ընդգրկէ պոլսահայ եկեղեցիներու մէջ գործածուած մետաղեայ անօթներու, սաղաւարտներու եւ խոյրերու, սկիհներու, խաչերու եւ այլ իրերու նկարագրութիւններն ու անոնց արձանագրութիւնները։

Գիրքը կը սկսի համառօտ պատմականով մը՝ քաղուած հայ ժողովուրդի պատմութենէն։ Առաջին բաժնին մէջ համառօտ տեղեկութիւններ կը տրուին պոլսահայ համայնքի պատմութեան մասին, որմէ յետոյ երկրորդ բաժնին մէջ անդրադարձ կայ թրքահայոց պատրիարքութեան մասին։ Ապա ալ տեղեկութիւններ կան եկեղեցիներու մէջ գործածուած մետաղեայ իրերու մասին։

Գիրքի նկարներու աշխատանքը կատարուած է երկու Փրօֆ, հեղինակներու առընթեր. Վազգէն Տէյիրմէնթաշի եւ Արման Իսփիրօղլուի կողմէ։

Գիրքը կը բաղկանայ 440 էջերէ եւ գրի առնուած՝ Անգլերէն։ Շարունակութիւնն է. 2010-ին Պոլսոյ եկեղեցիներու մէջ գործածուած ձեռագործերներու մասին հրատարակուած գրքին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը. որ Ն,Ա,Տ, Մեսրոպ Բ, Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ կոչուած էր լուսարարապետութեան պաշտօնին. յատուկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած էր այս գիրքերու պատրաստութեան գործին։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015