Ս. ՊՍԱԿԻ ԲԵՐԿՐԱՆՔ

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ուրախակից եղան Վազգէն-Նուարդ Պարըն ամոլին, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր երախտաշատ աշխատանք կը ծաւալէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Վազգէն եւ Նուարդ Պարըններու դստեր՝ Սարա Պարընի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։ Սարա Պարըն, որ իրաւաբան է եւ երկար տարիներէ ի վեր արդէն կ՚աշխատի արտասահմանի մէջ, ամուսնացաւ Ֆիլիփ Թրամպովելսքիի հետ։ Նորապսակ երիտասարդները եւ իրենց ծնողները, ընտանիքներով հանդերձ, վայելեցին Ս. Պսակի բերկրանքը՝ մինչ բարեկամական շրջանակն ալ անկեղծօրէն ուրախակից էր իրենց։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Խաչեղբայրն էր՝ Ալեքսիս-Կլատիլին Պոզիօ։

Ս. Պսակի խորհրդակատարութենէն վերջ, երեկոյեան ալ ընթրիք մը սարքուեցաւ «Սուիսօթել»ի համալիրէն ներս։ Բացօթեայ հաւաքոյթի ընթացքին բոլոր հիւրերը ջերմօրէն շնորհաւորեցին նորապսակ ամոլը եւ յղեցին անխառն երջանկութեան մաղթանքներ։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նորապսակ ամոլը՝ մաղթելով անխառն երջանկութիւն։ Նոյն առթիւ կը խնդակցինք մեր սիրեցեալ բարեկամ Վազգէն-Նուարդ Պարըն ամոլին եւ երիտասարդ զոյգի բոլոր պարագաներուն։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2022